Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Mar. 22
«Երկրաշարժներ անհամար զոհեր ու անպատմելի կործանում կրնան պատճառել։ Վերապրողներ յաճախ անտուն կը մնան, վերականգնելու միջոցներ չունենալով։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը ցոյց կու տայ թէ անհատներ ի՛նչպէս կրցած են գլուխ ելլել երկրաշարժի մը հետեւանքներուն հետ։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ երկրաշարժները ի՛նչպէս Աստուածաշունչի կարեւոր մէկ մարգարէութեան մաս կը կազմեն»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Թոյլ տուէք որ Աստուածաշունչէն սրտապնդիչ գաղափար մը բաժնեմ ձեզի հետ։ [Կարդացէք Մատթէոս 22։37] Ձեր կարծիքով ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք ‘Աստուած Փնտռեցէք Ձեր Սրտով ու Մտքով’ խորագրով այս յօդուածը։ Իսկական հաւատքը պարզապէս սրտի՞ն հետ առնչուած է, թէ ոչ անիկա միտքն ալ պէտք է պարփակէ։ Ասոր պատասխանը լուսաբանութիւն կը հայթայթէ»։
Awake! Apr. 8
«Ինչպէս գիտէք, ընտանիքին հոգ տանիլը այս օրերուն մարտահրաւէր մըն է, իսկ մայր մը ըլլալը՝ տքնաջան աշխատանք։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը հետաքրքրական նիւթ մը կը քննարկէ՝ ‘Մայրութիւնը. Գերբնական Կի՞ն մը կը Պահանջէ’ խորագրով։ Կը փափաքիմ այս պարբերաթերթը ձեզի տալ»։