Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Apr. 22
«Ներկայիս շատեր կազմակերպուած կրօնքները կը լքեն, իրենց անձնական կերպով Աստուած պաշտելու համար։ Այս հոսանքին նկատմամբ ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ համար իրապէս կարեւոր է թէ ի՛նչպէս կը պաշտենք զինք։ [Կարդացէք Յովհաննու 4։24] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը խօսի մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու լաւագոյն կերպին մասին»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Գիտէ՞ք մէկը որ ծանր հիւանդ է կամ անկարողութենէ մը կը տառապի։ Անկասկած կը համաձայնիք թէ այսպիսի անհատներ քաջալերութեան կարիքը ունին։ Սակայն, անոնց նեցուկ կանգնելու համար ի՞նչ կրնանք ըսել։ Աստուածաշունչը յոյսի խօսքեր կը մատուցանէ։ [Կարդացէք Եսայեայ 35։5, 6] Դիտարան–ի այս թիւը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ այս մարգարէութիւնը պիտի կատարուի»։
Awake! May 8
«Անցեալ տարուան ընթացքին, խաղաղութիւնը ամէն ժամանակէ աւելի վտանգուած էր։ Կը խորհի՞ք թէ մարդկային կառավարութիւնները կարողութիւն ունին համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելու։ [Պատասխանէ մը ետք, կարդացէք Եսայեայ 2։4] Զարթի՛ր–ի այս թիւը ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ համաշխարհային խաղաղութիւնը շուտով իրականութիւն պիտի ըլլայ»։