Հին պարբերաթերթերէն լաւագոյնս օգտուէ
Երբ հին պարբերաթերթեր չբաշխուին կամ թափուին, ո՛չ ոք կ’օգտուի. ուստի, պէտք է ջանանք զանոնք բաշխել։ Մէկ պարբերաթերթ կարդալով՝ անհատ մը կրնայ ճշմարտութեամբ հետաքրքրուիլ եւ մղուիլ Եհովային անունը կանչելու (Հռով. 10։13, 14)։ Ինչպէ՞ս կրնանք հին պարբերաթերթերէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Ահաւասիկ կարգ մը թելադրութիւններ։
• Երբ կը վկայես յաճախ չծառայուած թաղամասերու մէջ, թերեւս կարենաս տունը չեղողներուն պարբերաթերթ մը ձգել՝ տեղ մը, ուր անցորդները չեն տեսներ։
• Երբ հանրային ծառայութեան կը մասնակցիս սպասման վայրերու մէջ, ինչպէս՝ հանրակառքի կամ շոգեկառքի կայարանները, անհատներուն հարցուր եթէ կ’ուզեն բան մը կարդալ. անոնց ցոյց տուր քանի մը հին պարբերաթերթեր եւ թոյլ տուր որ ընտրեն։
• Երբ կ’այցելես լուացքատուներ, խնամատուներ, դարմանատուներ կամ համանման վայրեր, որոնք ժողովքին թաղամասին մէջ են, սպասման սենեակին մէջ քանի մը հին պարբերաթերթեր ձգէ։ Յաճախ լաւ է որ պատասխանատու անհատէն արտօնութիւն խնդրես, եթէ ան ներկայ է։ Իսկ եթէ հոն հին թիւերու բաւարար քանակ տեսար, լաւ կ’ըլլայ որ բան մը չձգես։
• Երբ վերայցելութիւններու կը պատրաստուիս, նկատի առ թէ իւրաքանչիւր անհատ, որուն կը ծրագրես այցելել, ի՛նչ հետաքրքրութիւններ ունի։ Ան ընտանիք ունի՞։ Ճամբորդել կը սիրէ՞։ Պարտիզպանութիւն կը սիրէ՞։ Հին պարբերաթերթերուն մէջ զինք հետաքրքրող յօդուած մը փնտռէ, եւ երբ վերադառնաս զայն իրեն ցոյց տուր։
• Երբ հետաքրքրուած անհատի մը կրկին անգամ այցելելէ ետք՝ զինք ի վերջոյ տունը գտնես, ցոյց տուր թէ ի՛նչ կարգ մը հին պարբերաթերթեր ձեռքը չանցան։