Ներկայացումի նմոյշներ
Փետրուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը մարգարէական վստահելի գիրք մըն է։ Ուրիշներ կը խորհին թէ ատիկա կը բովանդակէ անորոշ գուշակութիւններ, որոնք շատ մը տարբեր կերպերով կրնան մեկնաբանուիլ։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա, Դիտարան–ի 1 փետրուար թիւէն օրինակ մը տանտիրոջ տուր, եւ էջ 11–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ նշուած համար միասնաբար նկատի առէք։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերայցելութիւն մը հաստատէ։
Դիտարան 1 փետրուար
«Կը համաձայնի՞ք թէ պատմութեան մեծ տղամարդոցմէն եւ կիներէն բազմաթիւ դասեր կրնանք սորվիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս համարը կ’ակնարկէ մեծ մարդու մը, միակը որ Աստուածաշունչին մէջ ‘Աստուծոյ բարեկամը’ կոչուած է։ [Կարդա՛ Յակոբոս 2։23։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Աստուած զինք ինչո՛ւ իր բարեկամը նկատեց եւ կը քննարկէ թէ մենք Աբրահամի օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ»։
Զարթի՛ր փետրուար
«Ներկայիս շատեր համացանցի միջոցաւ հաղորդակցելէն հաճոյք կ’առնեն։ Կը խորհի՞ք թէ այս հաղորդակցութեան միջոցը վտանգներ ունի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը բովանդակէ սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ համացանցը աւելի ապահովաբար գործածենք։ [Բաց էջ 6-9, եւ հարցումներէն մէկը ու նշուած համար մը քննարկէ։] Այս պարբերաթերթը ձեզի պիտի օգնէ որ համացանցային հաղորդակցութեան վտանգները բնորոշէք եւ ատոնցմէ խուսափիք»։