Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ16 Սեպտեմբեր էջ 8
  • Ուսումնասիրութիւն վարած ատեն այս ծուղակներուն մէջ մի՛ իյնար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուսումնասիրութիւն վարած ատեն այս ծուղակներուն մէջ մի՛ իյնար
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՏԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՐԵՆՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ որ մկրտուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Պարզ կերպով սորվեցուր
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
ժտ16 Սեպտեմբեր էջ 8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ուսումնասիրութիւն վարած ատեն այս ծուղակներուն մէջ մի՛ իյնար

Նկար
Եղբայր մը շատ կը խօսի

Շատ խօսիլ։ Մի՛ կարծեր որ ամէն բան դուն պէտք է բացատրես։ Յիսուս հարցումներ ուղղեց մարդոց օգնելու համար, որ մտածեն եւ ճիշդ եզրակացութեան հասնին (Մատ. 17։24-27)։ Հարցումները սերտողութիւնը ազդու կը դարձնեն եւ քեզի կ’օգնեն գիտնալու, որ աշակերտդ ի՛նչ կը հասկնայ եւ ինչի՛ կը հաւատայ (Ծառայութեան դպրոց էջ 253 պարբ. 3-4)։ Երբ հարցում մը կը հարցնես, համբերատար եղիր եւ սպասէ որ աշակերտդ պատասխանէ։ Եթէ ան սխալ պատասխան տայ, փոխանակ իրեն ճիշդ պատասխանը տալու, յաւելեալ հարցումներ ուղղէ որ ինք ճիշդ պատասխանը գտնէ (Ծառայութեան դպրոց էջ 238 պարբ. 1-2)։ Խօսէ այնպիսի արագութեամբ որ աշակերտը կարենայ նոր գաղափարները ըմբռնել (Ծառայութեան դպրոց էջ 230 պարբ. 4)

Շատ մանրամասնութիւններ յայտնել ինչո՛ւ ծերանալու մասին

Դասը դժուարացնել։ Նիւթը անհարկի մանրամասնութիւններով մի՛ բարդացներ (Յովհ. 16։12)։ Կեդրոնացիր պարբերութեան հիմնական կէտին վրայ (Ծառայութեան դպրոց էջ 226 պարբ. 4-5)։ Մանրամասնութիւնները, նոյնիսկ եթէ հետաքրքրական ըլլան, կրնան անհատին միտքը հիմնական կէտէն շեղեցնել (Ծառայութեան դպրոց էջ 235 պարբ. 3)։ Անգամ մը որ աշակերտը հիմնական կէտը հասկնայ՝ յաջորդ պարբերութեան անցիր։

Եղբայր մը շատ նիւթեր կը ծածկէ եւ իր աշակերտին կը շուարեցնէ

Պարզապէս նիւթը ծածկել։ Մեր նպատակն է աշակերտին սրտին հասնիլ եւ ո՛չ թէ պարզապէս նիւթը ծածկել (Ղուկ. 24։32)։ Աստուծոյ Խօսքը գործածէ, կեդրոնանալով դասին կարեւոր համարներուն վրայ (Բ. Կոր. 10։4. Եբ. 4։12. Ծառայութեան դպրոց էջ 144 պարբ. 1-3)։ Պարզ օրինակներ գործածէ (Ծառայութեան դպրոց էջ 245 պարբ. 2-4)։ Նկատի առ անհատին անձնական դժուարութիւններն ու հաւատալիքները եւ ըստ այնմ դասը իրեն յարմարցուր։ Այսպիսի հարցումներ հարցուր. «Ի՞նչ է կարծիքդ սորվածիդ մասին»։ «Ասիկա Եհովային մասին մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ»։ «Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս այսպիսի խրատ մը կիրարկելով» (Ծառայութեան դպրոց էջ 238 պարբ. 3-5 եւ էջ 259 պարբ 1)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել